2013-06-05 12:22:50

Բանակցութիւններ` Լիբանան Հայկական Խաղաղապահ Զօրախումբ Ուղարկելու Առնչութեամբ


Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի հովանիին ներքեւ իրականացուող ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատար երկիր հանդիսացող Իտալիան պաշտօնապէս դիմեց Հայաստանին` առաքելութեան կազմին մէջ հայկական զօրախումբ ընդգրկելու առաջարկով. զօրախումբը պէտք է իրականացնէ առաքելութեան կեդրոնի ապահովութեան գործառոյթները:
Այս պահուն ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան կազմին մէջ հայկական զօրախումբը ընդգրկելու վերաբերեալ բանակցութիւնները կ՛ընթանան ՄԱԿ-ի եւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ զօրախումբի կառոյցին, տեղակայման վայրին, խնդիրներուն, թիկունքային եւ թեքնիք ապահովման եւ այլ խնդիրներու շուրջ: Բանակցութիւններու նպատակով յաջորդ շաբաթ Հռոմ պիտի մեկնի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագիտական աշխատանքային խումբը, որուն պիտի յաջորդէ Հայաստանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարի Իտալիա այցելութիւնը: Կը նախատեսուի, որ արդէն այս տարուան ընթացքին Լիբանան կը գործուղուին հայկական 2 խաղաղապահ դասակներ:
2012 թուականէն ի վեր Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ ներգրաւուած է Հայաստանի զինեալ ուժերու մէկ սպայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.